Մեծ Վանեցի` Մանկավարժ-Հոգեբան Համբարձում Երամեան
18195131_670220373162963_1043502464976644003_n.jpg
Հայ մանկավարժութեան պատմութեան էջերը շատ հարուստ են անուանի մանկավարժներու անուններով. հայ ժողովուրդը բոլոր ժամանակներուն մէջ միշտ կարեւոր համարած է կրթութիւնը` դեռեւս վաղ` Մաշտոցեան ժամանակներէն հիմնելով դպրոցներ, նախակրթարաններ,երկրորդական վարժարաններ, համալսարաններ, գիտութեան ու մտքի կաճառներ:Մեր հասարակութեան ստուար մաս մը, ներառեալ` նաեւ աշակերտութիւնը, գրեթէ տեղեակ չեն Վան ծնած, յետագային Եգիպտոս` Ալեքսանդրիա, Պոր Սայիտի մէջ աշխատած մեծ մանկավարժի ծաւալած կրթական, բարեսիրական գործունէութեան, որուն մասին Սամուէլ Կարապետեան ներկայացուց հանգամանալից` առանձնակի շեշտադրելով անոր կազմակերպչական ջիղն ու մարդասէր էութիւնը: Հարիւրաւոր շրջանաւարտներ տուած Հ. Երամեան յայտնի է նաեւ Վանի մէջ հիմնած իր` «Երամեան» ուսումնարանով, «Յուշարձան Վան-վասպուրականի» աշխատութեամբ, ուր գրած է Վասպուրականի պատմութեան մասին, լուսաբանած 1915թ. Ցեղասպանութեան հետ կապուած իրադարձութիւնները: Երամեան իր ողջ կեանքին մէջ սիրահարուած մնացած է հարազատ ծննդավայրին եւ իր ընտրած` մանկավարժական աշխատանքին: Ան շատ կարեւոր համարած է ընթերցանութիւնը եւ այդ առիթով գրած. «Անյագ ընթերցասէր մը եղած էի…»: Անոր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ միշտ եղած են որբ ու աղքատ մանուկները, անոնց կրթութեան հարցերը: Սամուէլ Կարապետեանի հեղինակութեամբ մանկավարժ-մտաւորական եւ գրող Համբարձում Երամեանին նուիրուած գիրքը մօտ ապագային կ’ըլլայ ընթերցողներու սեղաններուն: Մեծ Վանեցիի ազգասէր նուիրումը կրթութեան ու բարեսիրութեան հրաշալի դաս է բոլոր մանկավարժներուն համար:

Comment